Ուսուցիչ պարո՛ններ ու քոյրե՛ր, զգուշութեամբ ու երկիւղածութեամբ մօտեցէ՛ք դաստիարակութեան գործին
Ուսուցիչ պարո՛ններ ու քոյրե՛ր, զգուշութեամբ ու երկիւղածութեամբ մօտեցէ՛ք դաստիարակութեան գործին. խիստ փափուկ պաշտօն մըն է ձերը. դաստիարակելու կոչված էք սերունդ մը, որ ապագայ ազգն է. սխալ ուղղութեամբ ազգը մը կը խորտակէք վերջը:
***
Եթէ մանուկը չի հասկնար ձեր դասաւանդութիւնը, յանցանքը ձերն է, որովհետեւ չէք կրցած հասկանալ անոր հոգին. պէտք է վար իջնել մինչեւ անոր հոգեկան աստիճանը, եւ զայն առնելով ձեզի հետ բարձրացնել:
***
Ընտանիքը որքան զարգացած ըլլայ, մանուկն ալ այնքան միտքի առավելութիւններով երեւան կու գայ:
***
Սխալ դաստիարակութեան արդիւնքն է, որ շատեր որոնք հանճարներ պիտի ըլլային, եղած են գողեր…
***
Հայ ժողովրդի զավակներ, դուք կարդացեք Մովսես Խորենացի, Եղիշե, Նարեկացի, Խաչատուր Աբովյան, Րաֆֆի, Ալիշան, Պեշիկթաշլյան և տեսեք, թե ով ենք մենք: